2013-11-16 13:02:47

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Քարոզը` ''Մարդու աղօթքը եւ Աստուծոյ տկարութիւնը''։


Շաբաթ, 16 նոյեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ սուրբ պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով օրուան Աւետարանի հատուածը ուր կը խօսուի ''Այրի կնոջ ու անարդար դատաւորի'' մասին, խօսքը կեդրոնացուց Աստուծոյ անհուն ողորմութեան վրայ որ ''կը լսէ իր ժողովուրդին աղաղակը'' եւ կ՛ընդառաջէ անոր։
Աստուծոյ հզօրութեան առջեւ մարդուն ուժը կը կայանայ աղերսանքին մէջ - ըսաւ Քահանայապետը - Այրի կնոջ նման որ դուռը կը բախէ, կը խնդրէ, կ՛աղերսէ։ Մարդու ուժն ալ` աղօթքն է եւ խոնրահ մարդու աղօթքը Աստուածոյ տկարութիւնն է։ Տէրը տկարութիւն ունի իր ժողովուրդին հանդէպ, երբ լսէ անոր աղաղակն ու աղօթքը։
Նորին Սրբութիւնը, քարոզի աւարտին, խօսքը ուղղեց սուրբ զոհի մասնակցող` Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի պատասխանատու կղերին, ու անոնց ըսաւ` ''դուք նման էք այդ այրի կնոջ։ Աղօթեցէք, խդրեցէք եւ բախեցէք Աստուծոյ սրտին դուռը, ամէն օր։ Տէրը կ՛ունկնդրէ իր ժողովուրդին աղօթքը։ Եւ դուք Աստուծոյ ժողովուրդին առանձնաշնորհեալ ներկայացուցիչներն էք, Տիրոջ աղօթելու պարտականութեան մէջ։ Շնորհակալ եմ ձեր մատուցած ծառայութեան, ըսաւ Քահանայապետը խօսքը եզրափակելով, ու յորդորելով շարունակել աղօթել եւ գործել Համայն Եկեղեցւոյ բարիքին ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.